Պաքու Նոր զէնքեր ձեռք բերելու գծով <<թէժ բանակցութիւններ>> կը վարէ

By Asbarez | Tuesday, 08 November 2016

«Իսքանտեր» հնթիռային համակարգերը՝ Հայաստանի անկախութեան տօնի զօրահանդէսին ժամանակ

<<Իսքանտեր>> հնթիռային համակարգերը՝ Հայաստանի անկախութեան տօնի զօրահանդէսին ժամանակ

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ազատութիւն>> - Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ինչպէս կը գրէ ռուսական <<Նեզավիսիմայա Կազեթա>>ն, թէժ բանակցութիւններ կը վարէ Փաքիստանի հետ, 500 քիլոմեթր հասողութեամբ հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելու նպատակով:

Ատրպէյճանի հրթիռային եւ հրետանային զօրքերու հրամանատար Զահիտ Հուսէյնով յայտարարած է, թէ երկրի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ է ձեռք բերել նման հրթիռներ՝ ընդգծելով, որ երկիրը ներկայիս ունի <<հակառակորդի յարձակումները կասեցնելու անհրաժեշտ համակարգեր>>:

Նոր հրթիռներ ձեռք բերելը Պաքուի համար աւելի հրատապ դարձած է՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած զօրահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած ռուսական արդիական <<Իսքանտեր>> հրթիռային համակարգին պատճառով:

Նշենք, որ անցեալ տարուան Մարտին Պաքու այցելած Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ յայտարարած էր, թէ Պաքուի եւ Իսլամապատի տեսակէտները կը համընկնին Քաշմիրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերուն մէջ՝ աւելցնելով. <<Մենք կողմ ենք Ատրպէյճանի գրաւեալ բոլոր տարածքներուն, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի, ազատագրման>>:

Պաքու ռազմական նոր արհեստագիտութիւն ձեռք բերելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ: Ըստ <<Նեզաւիսիմայա Կազեթա>>ին՝ Պաքու մտադիր է Իսրայէլէն ձեռք բերել հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ:

Փորձագէտներու կարծիքով՝ <<Իսքանտեր>> արդիական համակարգը այսօր դեռ անհասանելի է յայտնի բոլոր հակահրթիռային համակարգերուն համար:

 


comments