By Asbarez | Tuesday, 08 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, <<Էրմենիհապեր>>, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը պատրաստուի իր ձերբակալուած անդամներուն գծով հայց ներկայացնելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ):
Այս նպատակով եւ կուսակցութեան իրաւաբաններուն գլխաւորութեամբ, Նոյեմբեր 7ին ստեղծուեցաւ իրաւական յանձնաժողով մը, որ պատգամաւորներուն կալանաւորումը բողոքարկելու նպատակով նաեւ պիտի դիմէ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին: Յանձնաժողովը արդէն ՄԻԵԴին տեղեկութիւններ փոխանցած է նախապատրաստուող հայցերուն մասին:
Միւս կողմէ, քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավար դէմքերու ձերբակալութիւնը ու անոր յաջորդող զարգացումները ստիպեցին, որ կուսակցութիւնը պատասխանատու նոր որոշում մը ընդունի՝ իր հետագայ քայլերը ճշդելու նպատակով։ Կուսակցութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ մինչ նոր տնօրինութիւն՝ պիտի սառեցնէ խորհրդարանական իր գործունէութիւնը։ Հաղորդագրութիւնը ներկայացուց կուսակցութեան բանբեր Այհան Պիլկեն, Տիգրանակերտի մէջ։
Այս որոշումը նոր քննադատութիւններու ալիք ստեղծեց կառավարական շրջանակներէն ներս, եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կոչ ուղղեց, որ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները անմիջապէս ետ կանգնին իրենց որոշումէն ու խորհրդարան վերադառնան։
Թրքական մամուլը կը գրէ, թէ քրտամէտ կուսակցութեան 55 անդամներուն մասին կան 511 թղթածրարներ, որոնց մէջ անոնք ընդհանրապէս կ՛ամբաստանուին ահաբեկչութեան կողքին կանգնելու մեղադրանքով։ Քանի մը ղեկավարներու դէմ շատ աւելի լուրջ մեղադրանք կայ, որովհետեւ անոնք խօսած են ինքնավարութեան եւ ձեւով մը՝ քրտական պետութիւն կամ քիւրտ ժողովուրդի անկախութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութեան մը մասին։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն <<խորապէս մտահոգ է>> քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու ձերբակալութեամբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ