By Asbarez | Wednesday, 09 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի, որ 8 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրին այցելութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ հաստատած է, որ դարերու վաղեմութիւն ունեցող հայ-իտալական յարաբերութիւնները լի են բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով, որոնց հիման վրայ Հայաստանի անկախացումէն ետք՝ նախորդ 25 տարիներուն ձեւաւորուած միջպետական յարաբերութիւնները վերընթաց զարգացում ապրած են: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ նախարար Ճենթիլոնիի այցելութիւնը նոր խթան պիտի հաղորդէ Հայաստանի եւ Իտալիոյ քաղաքական երկխօսութեան եւ պիտի նպաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ համագործակցութեան առաւել խորացման: Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմանի տնտեսական կապերու խթանման վերաբերող հարցերու:
Հայաստանի նախագահը եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացի, 2018ին ԵԱՀԿի մէջ Իտալիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ