Հանդիպում՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ

By Asbarez | Wednesday, 09 November 2016

1109nalbandian1

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ. լուսարձակի տակ առնուած են հինէն եկող լաւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այս այցելութեան ընթացքին նոր համաձայնութիւններու ստորագրութիւնը։

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Փաուլօ Ճենթիլոնի միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ համագործակցութեան առաւել զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ, անդրադարձած են շուրջ երեք տասնեակ փաստաթուղթ ընդգրկող իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, քննարկած միջխորհրդարանական կապերուն, առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան նոր լիցք հաղորդելու ուղիները, կարեւոր նկատած են գիտակրթական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ փոխանակումներու աշխուժացումը:

Նալբանդեան կարեւոր նկատած է մշակոյթի ոլորտին մէջ հաստատուած հայ-իտալական սերտ փոխգործակցութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Հայաստանի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոնի հիմնադրութեան վերաբերեալ ստորագրուելիք միացեալ յայտարարութիւնը: Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Իտալիոյ կառավարութեան աջակցութիւնը այս ոլորտին մէջ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան համար՝ արժեւորելով իտալական զօրախումբին հետ ծառայութիւն իրականացնող հայ խաղապահներուն առաքելութիւնը Լիբանանի ԵՈՒՆԻՖԻԼի կազմին մէջ:

Նախարարները քննարկած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր շրջանակային համաձայնագիրի շուրջ ընթացող բանակցութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային շարք մը հրատապ հարցերու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, սուրիական ճգնաժամին, գաղթականութեան հոսքերուն, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային հանրութեան պայքարին, ինչպէս նաեւ՝ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։

Հանդիպման աւարտին նախարարները ստորագրած են Հայաստանի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոն հիմնելու վերաբերող յայտարարութիւնը, ապա տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը։

Էդուարդ Նալբանդեան լրագրողներուն ներկայացուցած է հանդիպումին ընթացքին կատարուած քննարկումներուն ընդհանուր շրջագիծը՝ շեշտելով, որ անոնց կարգին եղած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ կարգաւորման հարցը, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի նաեւ Իտալիան։

<<Հայ–իտալական յարաբերութիւններն ունեն հազարամեակների պատմութիւն յիշարժան փոխադարձ բարեկամութեան դրսեւորումներով եւ բարի աւանդոյթներով, ինչը լաւ հիմք է փոխգործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ խորացման համար: Երկու պետութիւնների միջեւ համագործակցութեան առաւել զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերի շուրջ անդրադարձանք մօտ երեք տասնեակ փաստաթուղթ ընդգրկող իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնմանը, կարեւորեցինք գիտակրթական եւ մշակութային բնագաւառներում փոխանակումների ակտիւացումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանում մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կենտրոն հիմնելու յայտարարութիւնը: Համոզուած ենք կենտրոնի հիմնումն էլ աւելի կը խորացնի համագործակցութիւնը մշակոյթի եւ կրթութեան ոլորտում>>, շեշտած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

 



comments