Թրամփ՝ Միացեալ Նահանգներու 45րդ նախագահ

By Asbarez | Thursday, 10 November 2016

 

161109031839-donald-trump-november-9-2016-new-york-exlarge-169

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Փոլիթիքօ>> - Կասեցնելով Միացեալ Նահանգներու առաջին կին նախագահը դառնալու Հիլըրլի Քլինթընի արշաւը՝ Տանըլտ Թրամփ Նոյեմբեր 9ի կանուխ ժամերուն կրցաւ բաւարար թիւով պատուիրակներ ապահովել, ընտրուելու համար երկրին 45րդ նախագահը եւ՝ առաջինը, որ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ առանց նախապէս քաղաքական պաշտօն մը վարած կամ զինուորական հրամանատար մը եղած ըլլալու։

Քլինթընի ընտրապայքարին համար մահացու էին յատկապէս Ֆլորիտայի, Փենսիլվենիոյ եւ Ուիսքանսընի մէջ քուէներու մօտաւորապէս 1 տոկոսով կրած պարտութիւնները, որոնք կրցան վճռել արդէն իսկ Օհայոյի եւ Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ առաւելութիւններ ապահոված Թրամփի յաղթանակը։

Միացեալ Նահանգներու տարածքին, Քլինթըն Թրամփէն աւելի մեծ թիւով քուէներ կրցաւ ապահովել՝ ժողովրդային առումով։

Իր յաղթանակի ճառին մէջ, Թրամփ խոստացաւ ըլլալ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը՝ շեշտելով երկրին հարցերը միասնաբար լուծելու կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, պարտութիւնը <<ցաւալի>> որակած Քլինթըն շեշտեց, թէ ամերիկացիները այժմ առիթ պէտք է տան Թրամփին, որ երկիրը ղեկավարէ։

Ընտրապայքարի ընթացքին, Քլինթընի նեցուկ կանգնած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման իր կարգին շնորհաւորեց Թրամփի յաղթանակը, զինք Սպիտակ տուն հրաւիրելով։

Ըստ ընտրական վայրերու մէջ կատարուած հարցախոյզներուն, որոնց հաւաստիութիւնը կասկածի տակ սկսած է առնուելու՝ Թրամփի անակնկալ յաղթանակէն ետք, Թրամփի գլխաւոր զօրակիցները եղած են համալսարանական ուսում չունեցող սպիտակամորթ տղամարդիկ, մինչ սեւամորթներու, սպանախօսներու, կանանց եւ 30 տարիքը չբոլորած երիտասարդներուն մէջ՝ Քլինթըն առաւելութիւն ապահոված է, սակայն այդ առաւելութիւնը նուազ եղած է 2008ի եւ 2012ի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին Օպամային ապահովածէն։

Ընդհանուր առմամբ, սպիտակամորթներուն 58 տոկոսը զօրակցած է Թրամփին, որ ապահոված է սեւամորթներու 8 տոկոսին եւ սպանախօսներուն 29 տոկոսին քուէն։

Եկամուտի բաժանումով, տարեկան 50,000 տոլարէն նուազ եկամուտ ունեցողներուն 52 տոկոսը Քլինթընին զօրակցած է, իսկ 41 տոկոսը՝ Թրամփին, իսկ 50,000 տոլարէն աւելի եկամուտ ունեցողներուն մօտաւորապէս 49 տոկոսը Թրամփին տուած է իր քուէն, իսկ 46.5 տոկոսը՝ Քլինթընին։

Կրօնքի տեսակէտէն, քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը աջակցած է Թրամփին, իսկ մնացեալնեուն մեծամասնութիւնը՝ Քլինթընին։

Վերջապէս, թեկնածուներուն մօտ ամենավճռորոշ յատկանիշը նկատուած է քաղաքական ներկայ իրավիճակը փոխելու կարողութիւնը, որուն մէջ Թրամփ 83ի դէմ 14 տոկոսի առաւելութիւն մը ապահոված է։

Գալով Քոնկրեսի ընտրութեանց, ապա հանրապետականները կրցան պահպանել Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց մեծամասնութիւնները, ինչ որ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ՝ երկրի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները պիտի դնէ Հանրապետական կուսակցութեան հակակշիռին տակ։

 

 

 


comments