Համշէնցիները բողոքի ցոյցով կը զօրակցին քրտամէտ կուսակցութեան ձերբակալուած երեսփոխաններուն

By Asbarez | Friday, 11 November 2016

1112hamshen HDP

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ Արտուին նահանգի համշէնական Խոպա քաղաքին մէջ կատարուած է բողոքի ցոյց մը՝ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան դէմ բանեցուող ճնշումներուն եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամներուն ձերբակալութեան դէմ:

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ նաեւ, թէ ոստիկանութիւնը փորձած է խոչընդոտել ցոյցը, սակայն ցուցարարներուն ջանքերով բողոքի ցոյցը կայացած է: Նշենք, որ Խոպայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն համշէնահայեր:



comments