Թրամփի Դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին

By Asbarez | Tuesday, 15 November 2016

 

1115Anti Trump

ՓՈՐԹԼԸՆՏ, <<Ուաշինկթըն Փոսթ>> - Նոյեմբեր 13ի երեկոյեան, յաջորդական 6րդ օրն ըլլալով, Տանըլտ Թրամփի՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներու մասնակցութեամբ։

Ցոյցերը գլխաւորաբար խաղաղ կերպով տեղի կ՛ունենան, սակայն քանի մը քաղաքներու մէջ բախումներ արձանագրուած են։ Օրինակի համար, Ինտիանայի Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ, երեք անձեր ձերբակալուած են եւ երկու ոստիկաններ վիրաւորուած, երբ ցուցարարները քարկոծած են ոստիկանութիւնը, մինչ վերջինս կը փորձէր ցուցարարները հեռացնել քաղաքի կեդրոնէն։

Թրամփի դէմ բողոքները փակած են նաեւ Լոս Անճելըսի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գլխաւոր ազատուղիները: Մեծագոյն ցոյցերը տեղի կ՛ունենան Փորթլընտի, Նիւ Եորքի, Աթլանթայի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Լոս Անճելըսի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Փորթլընտի ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութիւնը ձերբակալած է աւելի քան 100 ցուցարարներ, իսկ Լոս Անճելըսի մէջ՝ մօտաւորապէս 200 հոգի։

Նոյեմբեր 14ին, Արեւելեան Լոս Անճելըսի <<Կարֆիլտ>> երկրորդական վարժարանին մէջ հարիւրաւոր ուսանողներ եւս բողոքի ցոյց կատարած են՝ կիսատ ձգելով իրենց դասերը։ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին տուեալներով՝ անցեալ շաբթուան ընթացքին աւելի քան 4000 ուսանողներ նման ցոյցերու մասնակցած են։

Իր ընտրապայքարին ընթացքին ատելութիւն սերմանած եւ սպառնական կոչերով համակիրներ սիրաշահած Թրամփ, ցուցարարներուն արտայայտած մտավախութեանց ակնարկելով՝ պարզապէս ըսած է. <<Վախնալու պատճառ չկայ>>, պնդելով, թէ մամուլը կը հրահրէ նման ցոյցեր…

Նշենք, որ Թրամփ, ծայրայեղ աջակողմեան կազմակերպութեանց ջատագով Սթեֆըն Պենընը իր գլխաւոր խորհրդականը նշանակելու քայլը մեղմացնելու յոյսով, Հանրապետական կուսակցութեան ատենապետ Ռինս Փրիպըսը նշանակեց Սպիտակ տան անձնակազմի պետ։

 



comments