By Asbarez | Tuesday, 15 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Պէյճինկի օտար լեզուներու համալսարանի ղեկավարութեան հետ: Հանդիպման ընթացքին նախարար Լեւոն Մկրտ-չեան բարձր գնահատած է միջհամալսարանական կապերու ամրապնդման ու զարգացման նպատակով երկու երկիրներուն ի գործ դրած ջանքերը՝ կարեւոր նկատելով Պէյճինկի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ հայագիտութեան կեդրոնի հիմնադրման եւ հայերէնի՝ որպէս առանձին մասնագիտութեան ուսուցման կազմակերպման կարելիութիւնը:
Նախարարը միաժամանակ ընդ-գծած է Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանին մէջ ծաւալած գործունէութիւնը Կոնփուկիոսի կեդրոնին, որ մասնաճիւղեր ունի նաեւ Երեւանի պետական համալսարաններուն եւ Հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանին մէջ:
Նկատի առնելով չինական լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ Հայաստանի մէջ առկայ մեծ հետաքրքրութիւնը՝ Լեւոն Մկրտչեան անդրադարձած է Հայաստանի մարզերուն մէջ կեդրոնի մասնաճիւղեր բանալու կարելիութեան:
Պէյճինկի օտար լեզուներու համալսարանի ղեկավարութեան անունով փոխնախագահ Եէն Կուոհուան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին՝ ընդգծելով, որ պատմականօրէն կրթական եւ գիտական մեծ ներուժ ունեցող Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացումը միացեալ նախագիծերու նոր հորիզոններ կը բանայ:
Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու երկիրներու օտար լեզուներու համալսարաններու շրջանաւարտներուն Հայաստանի եւ Չինաստանի պետական նմոյշի վկայականներ տրամադրելու ուղղութեամբ:
Նախարար Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Պէյճինկի մանկավարժական համալսարանի նախագահ Տոնկ Ցինի հետ: Քննարկուած են երկու երկիրներու մանկավարժական համալսարաններուն միջեւ կրթական համագործակցութեան զարգացման՝ մասնաւորապէս ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման, գիտակրթական միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները:
Նախատեսուած է նաեւ հանդիպում Հայաստանի եւ Չինաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարներուն միջեւ, որոնք պիտի քննարկեն երկու երկիրներուն միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման, երկկողմանի կապերու ամրապնդման հարցեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ