By Asbarez | Wednesday, 16 November 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Տեմոքրաթհապեր>> - Նոյեմբեր 15ին, ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Տէյվիտ Քայէ այցելած է Թուրքիա եւ հանդիպում ունեցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներու հետ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան։
Հանդիպման առաջնահերթ նիւթը եղած է քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահներուն եւ մաս մը պատգամաւորներու ձերբակալութեան հարցը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ տեղի ունեցող ապօրինութիւններուն: Քայէ անդրադարձած է նաեւ կալանքի տակ գտնուողներու դէմ բանեցուած բռնութիւններուն եւ այլ ոտնձգութիւններու։
Փայլան եւ միւս պատգամաւորները, իրենց կարգին, մանրամասն զեկուցում տուած են ձերբակալութեանց եւ մարդկային իրաւանց այլ խախտումներու մասին։
Նշենք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իր ձերբակալուած պատգամաւորներուն դէմ ոտնձգութիւններու գործը ուսումնասիրելու համար, ՄԱԿի պաշտօնատարներուն կոչ ըրած էր անյապաղ այցելելու Թուրքիա:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ