Շթայնմայերի հետ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին. Չաւուշօղլու քննադատած է Պունտըսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը

By Aztag Daily | Wednesday, 16 November 2016



<<Ակօս>> կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:

Երկու նախարարները քննարկած են թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն եւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններուն առնչուող հարցերը:

Շթայնմայերի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան իրենց հին կացութեան: Ան անգամ մը եւս քննադատած է Պունտըսթակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի որդեգրումը: <<Տէօչէ Վելլէ>> կը հաղորդէ, որ ան բանաձեւի որդեգրումը դատապարտելի նկատած է:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական յանձնաժողովի` Թուրքիոյ վերաբերող տարեկան զեկուցումին մէջ գոյութիւն ունեցող քննադատութիւններուն, Չաւուշօղլու նշած է, որ անոնք տխրեցնող ու անհանգստացնող են:

<<Թերթ.ամ>> կը հաղորդէ, որ Շթայնմայեր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկած է Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն ետք տիրող իրավիճակը եւ մահապատիժի հաւանական վերականգնման հարցին մէջ իր անհամաձայնութիւնը:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի վերականգնումը <<յստակ ազդանշան պիտի ըլլայ, որ երկիրը վերջնականապէս կը հրաժարի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու միտքէն>>:

Շթայնմայեր նաեւ նշած է, որ Գերմանիա ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարին մէջ կ՛աջակցի Թուրքիոյ:

 

comments