Ռուսական Օդանաւեր Կը Վերսկսին Ռմբակոծելու Հալէպի Մէջ Ահաբեկիչներու Դիրքեր

By Asbarez | Wednesday, 16 November 2016

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսական «Ատմիրալ Քուզնեցով» օդանաւակիրին եւ այլ վայրերեու մէջ հաստատուած ռազմական օդանաւեր Նոյեմբեր 15ին սկսած են ռմբակոծելու արեւելեան Հալէպի մէջ ահաբեկիչներու դիրքերը, աւելի քան երեք շաբաթ տեւած դադարէ մը ետք։ Յատկանշական է, որ ռմբակոծումները սկսած են Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ունեցած հեռաձայնային զրոյցէն քանի մը ժամ ետք միայն:

Ըստ Քրեմլինի՝ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, Փութին Թրամփին յաջողութիւն մաղթած է ընտրական իր խոստումներու գործադրութեան մէջ: Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ ինք պատրաստ է ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ «հաւասարութեան վրայ հիմնուած» երկխօսութեան:

Կողմերը նաեւ շեշտած են Սուրիոյ մէջ «միջազգային ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան» դէմ պայքարը համակարգելու կարեւորութիւնը։

Միւս կողմէ, թրքական «Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական օդուժը գործողութեան սկսած է սուրիական Պապ քաղաքին մէջ, օժանդակելու համար Անգարայի դաշնակից զինեալներուն, որ ազատագրեն քաղաքը «Իսլամական պետութեան» զինեալներէն։

comments