By Asbarez | Wednesday, 16 November 2016
ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Աւստրիոյ մէջ քաղաքական վեց կուսակցութիւններ, որոնք աթոռ ունին խորհրդարանէն ներս, Թուրքիոյ դէմ համատեղ հռչակագիր մը ստորագրեցին՝ կոչ ուղղելով, որ առկախուին Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները։
Աւստրիացի քաղաքագէտները դիտել տուին, որ սոյն հռչակագիրին միջոցով կոչ կ՛ըլլայ նաեւ ազատ արձակելու Թուրքիոյ քրտամէտ կուսակցութեան ձերբակալեալ երեսփոխաններն ու ընդդիմադիր լրագրողները։
Հռչակագիրին մէջ կը նշուի, որ Յուլիսի զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք, արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ հետապնդումներն ու ձերբակալութիւնները լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառեն։
Այս հռչակագիրի ստորագրութենէն քանի մը օր առաջ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Կուրց յայտարարած էր, թէ Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոմիութեան։
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 20ին, քիւրտերը հանրահաւաք մը կատարած էին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ։ Այդ հաւաքին դէմ իբրեւ բողոք՝ Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանը Անգարա կանչուած էր։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ