Քերի Եմէնի մէջ զինուորական գործողութեանց դադրեցումը յայտարարեց, սակայն…

By Asbarez | Thursday, 17 November 2016

ՍԱՆԱԱ, <<Էյ.Փի.>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Նոյմեբեր 15ին յայտարարեց. <<Գոյացած է սկզբունքային համաձայնութիւն մը՝ Նոյեմբեր 17էն սկսեալ Եմէնի մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու շուրջ>>:

Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը գոյցած է երկրի շիիներուն՝ հուսիներու շարժումին, եւ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած ուժերուն միջեւ, եւ աւելցուցած, որ կողմերը նաեւ համաձայնած են Եմէնի մէջ, մինչեւ տարեվերջ, ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմել:

Սակայն Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Ապտըլ Մալիք Մխալաֆի յայտարարեց, թէ Քերիի <<միակողմանի>> յայտարարութիւնը երկրի <<օրինական կառավարութեան չի վերաբերիր>>՝ դժգոհութիւն յայտնելով, որ այդ գծով խորհրդակցութիւններ չեն կատարուած կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

 

comments