Հայկական PicsArt-ի ծրագիրը՝ iPhone-ի ծրագիրներու լաւագոյններէն

By Asbarez | Thursday, 17 November 2016

1116PicsArt Photo

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ - Թուային լուսանկարներու ձեւաւորման եւ բաժնեկցութեան աշխարհի առաջատար ընկերային ցանցերէն մէկը հանդիսացող եւ Երեւան հաստատուած հայկական <> ընկերութեան ծրագիրը (app) հեղինակաւոր CNET կայքին կողմէ ներառնուած է <> հեռաձայններու համար պատրաստուած լաւագոյն ծրագիրներու ցանկին՝ <>ի մէջ, <>ի, <>ի եւ <>ի նման ծրագիրներու կողքին։

Նշենք, որ աշխարհի տարածքին աւելի քան 300 միլիոն սարքերու մէջ ներառնուած եւ արդէն իսկ ամսական աւելի քան 80 միլիոն օգտագործող ունեցող այս ընկերութեան ծրագիրը, ներկայիս տրամադրելի է 20է աւելի լեզուներով։ Անիկա կը գործէ նաեւ <> ծրագիրով բանող հեռաձայններու եւ սարքերու վրայ։

Յայտնենք, որ <>ը հրապարակած էր արուեստական հմտութեամբ բանող երկու ծրագիրներ՝ <>ն եւ <>ն, զորս կարելի է օգտագործել լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու համար:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել picsart.com կայքը:

 


comments