Քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարներու ձերբակալութիւնը կը շարունակուի

By Asbarez | Friday, 18 November 2016

 

1118van

Վանի քաղաքապետը քաղաքապետարանէն կը հեռացուի

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Նոյեմբեր 17ի առաւօտեան, թուրք ոստիկաններ ձերբակալած են Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայեան ու քաղաքապետարանի չորս այլ պաշտօնատարներ՝ շարունակելով քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութեան դէմ սկսած արշաւը։

Ըստ <<Տեմոքրաթհապեր>> լրատուական կայքին՝ ձերբակալութիւններէն ետք, քրտամէտ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները հաւաքուած են քաղաքապետարանին դիմաց իրենց բողոքը արտայայտելու, սակայն ոստիկանութիւնը ուժի դիմելով՝ խոչընդոտած է հաւաքը:

Մէկ օր առաջ ձերբակալուած էր նաեւ Տերսիմի (Թունճելի) համաքաղաքապետ Մեհմետ Ալի Պուլը եւ քրտամէտ կուսակցութեան շարք մը ղեկավարներ:

Ձերբակալուածները նաեւ հեռացուած են իրենց պաշտօններէն եւ անոնց մէկ մասին փոխարէն արդէն իսկ նշանակուած են պետական կառավարիչներ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 25ին ձերբակալուած էին Տիգրանակերտի երկու համաքաղաքապետներ Կիւլթան Քըշանաքն ու Ֆըրաթ Անլըն, որոնք նմանապէս քրտամէտ կուսակցութեան անդամ են: Նոյեմբեր 4ին, ձերբակալուեցան քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահները՝ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան 9 այլ երեսփոխաններ։

 



comments