By Asbarez | Saturday, 19 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն Հովիտի մէջ տեղակայուած հայկական CodeFights սթարթափին 10 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարուի՝ հարթակը ընդարձակելու համար: CodeFights-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Տիգրան Սլոյեան այս տեղեկութիւնը փոխանցած է <<Նիուզ>>ի։
<<CodeFights-ը կ՛օգնի աւելի ճիշդ ընտրել պոտենցիալ աշխատակցին՝ չհիմնուելով նրա դիպլոմի, կոչման եւ այլ, ըստ իս, ոչ պէտքական ինֆորմացիայի վրայ: Հարթակը ծրագրաւորողի աշխատանքի տեղաւորման պրոցեսն աւելի արդար է դարձնում՝ հիմնուելով միայն նրա գիտելիքների եւ հմտութիւնների վրայ>>, ըսած է CodeFights-ի հիմնադիրը:
Տիգրան Սլոյեան կը փափաքի CodeFights-ի միջոցով ընդլայնել ծրագրաւորողներու աշխատաշուկան՝ առիթ տալով ընկերութիւններուն գնահատել ծրագրաւորողին իրական գիտելիքներն ու հմտութիւնները, եւ ոչ թէ անոր ունեցած վկայականն ու յաճախած համալսարանը: <<20 տարի առաջ լաւ ծրագրաւորող համարուելու համար պէտք էր Սթենֆորդի կամ Մեսեչուսեթսի Տեխնոլոգիական Ինստիտուտի դիպլոմ ունենալ, իսկ այժմ բաւական է լինել խելացի, աշխատասէր եւ նպատակասլաց եւ օնլայն կրթական հարթակների շնորհիւ դու արդէն կարող ես յաւակնել ոլորտում ամենալաւ աշխատանքին>>, բացատրած է Տիգրան Սլոյեան:
CodeFights-ի մէջ կարելի է բանալ անձնական էջ եւ ծրագրաւորման մրցումներ կազմակերպել իրարու, ինչպէս նաեւ ընկերութեան կողմէ ստեղծած փոթերու հետ:
Հարթակին մէջ կան առաջատարներու աղիւսակներ, որոնց ճամբով կարելի է հետեւիլ ծրագրաւորողին յառաջխաղացքին: Ծրագրաւորման ընկերութիւնները կրնան օգտագործել հարթակը՝ մասնագէտ գտնելու նպատակով: Երբ աշխատակիցը ընտրուած է, ընկերութիւնը CodeFights-ին կը վճարէ աշխատակիցին մէկ տարուան աշխատավարձին 15 տոկոսը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ