By Asbarez | Saturday, 19 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Իրանի ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար, գլխաւոր մաքսատան պետ Մասուտ Քարպասիանիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան հաստատած է, որ Հայաստան պատրաստ է Իրանի համար ձեւաւորելու համապատասխան հարթակ՝ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ:
<<Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն բարեկամ երկիր է, այլ նաեւ կարեւոր գործընկերներից է, եւ մեր միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը գտնւում է բարձր մակարդակի վրայ: Բայց մեր տնտեսական յարաբերութիւններն աւելի ընդլայնելու եւ զարգացնելու ներուժ ունենք: Երկու երկրների մաքսային կառոյցների ներդաշնակ աշխատանքը եւս կը նպաստի առեւտրատնտեսական կապերի զարգացմանը>>, նշած է Կարէն Կարապետեան։
Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ 18 Նոյեմբերի կառավարութեան նիստին յանձնարարած է համապատասխան գերատեսչութիւնները՝ աշխատանքային խումբ ձեւաւորել եւ իրանեան կողմին հետ աշխատիլ Հայաստանէն Իրան հայկական արտադրանքի, մասնաւորապէս, սննդամթերքի եւ գիւղմթերքի արտածման խթանման հարցին շուրջ, ինչպէս նաեւ գործարարներու հետ քննարկել Իրանի սահմանակից տարածքին մէջ ազատ տնտեսական գօտի հիմնելու հեռանկարները:
Ըստ վարչապետին՝ ատիկա փոխշահաւէտ հնարաւորութիւն է երկու երկիրներու գործարարներուն համար, եւ պէտք է նպատակուղղուած աշխատիլ զայն իրականացնելու ուղղութեամբ:
Իրանի գլխաւոր մաքսատան պետը՝ ներկայացնելով Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանի հետ աշխատանքային բանակցութիւններուն արդիւնքները՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն շուրջ, նշած է, որ ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ: Մասնաւորապէս, ստորագրուած է Փոխըմբռնման յուշագիր՝ մաքսային վարչարարութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, երկուստեք կարեւոր նկատած են ելեկտրոնային եղանակով անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանակումը եւ Հայաստանի ու Իրանի քաղաքացիները մաքսային ընթացակարգերուն մասին բաւարար չափով իրազեկումը, երկու երկիրներուն մէջ գործող ազատ տնտեսական գօտիներուն միջեւ փորձի փոխանակումն ու համագործակցութիւնը:
<<Մենք կրնանք ազատ տնտեսական գօտիին միջոցով համագործակցութիւն ծաւալիլ դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ: Որպէս կապող կամուրջ՝ Հայաստան կրնայ որոշիչ դերակատարութիւն ստանձնել այս ոլորտին մէջ, ինչ որ իր կարգին կրնայ նպաստել համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման>>, ըսած է Մասուտ Քարպասիան: Ի պատասխան՝ վարչապետ Կարապետեան ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է ձեւաւորել համապատասխան հարթակ դէպի ԵՏՄ շուկայ:
Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ ողջունած է երկու երկիրներու մաքսատուներու վարչարարութեան պայմաններու բարելաւման եւ միմիանց երկիր մուտք գործելու համար ընթացակարգերու դիւրացման վերաբերող միացեալ քայլերը:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր եւս, որոնք կը վերաբերին երթեւեկի եւ տարանցման ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ գործակցութեան զարգացման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ