Մարտինի Քիւրտ համաքաղաքապետները եւս կը ձերբակալուին

By Asbarez | Tuesday, 22 November 2016

 

1122ahmet_turk_irmak

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Մարտինի քիւրտ համաքաղաքապետներ՝ Ժողովրդավարական շրջաններու կուսակցութենէն Ահմետ Թիւրք եւ Էմին Ըրմաք, Նոյեմբեր 21ին ձերբակալուեցան թուրք ոստիկաններու կողմէ, որոնք քանի մը շաբաթէ ի վեր ձերբակալութեանց համատարած արշաւի մը սկսած են՝ քիւրտ քաղաքական գործիչներու դէմ։

Ցարդ ձերբակալուած միւս պաշտօնատարներուն նման, Թիւրք եւ Ըրմաք նաեւ հեռացուած են իրենց պաշտօններէն, իսկ անոնց փոխարէն քաղաքապետ նշանակուած է Մարտինի նահանգապետ Մուսթաֆա Եամանը:

 



comments