By Asbarez | Tuesday, 22 November 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Նոյեմբեր 19ին, Մարտունի քաղաքի մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի բազմազաւակ աւելի քան 30 ընտանիքներու համար կազմակերպուած բարեգործական ձեռնարկ մը:
Ռուսիաբնակ բարերար Համլէթ Վաչենանցի նախաձեռնութեամբ Մարտունիի շրջանի բազմազաւակ ու կարիքաւոր աւելի քան 30 ընտանիքի, իբրեւ աջակցութիւն, ըստ առաջնահերթութեան, տրամադրուած է հագուստ, կահոյք, կենցաղային եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ: Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ բարերարներ Օննիկ Էւրիկեան, Սեմիոն Տաւիտով եւ Գագիկ Այվազեան: Անոնք ժամանած են Արցախ այդ ընտանիքներուն հետ ծանօթանալու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար:
Բարերարներուն իր երախտիքի խօսքը ըսած է Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեան եւ, շրջանի վարչակազմին անունով՝ անոնց յանձնած շնորհակալագիրներ: Իրենց հերթին՝ բարերաները շնորհակալութիւն յայտնած են ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար եւ նշած, որ իրենց կողմէ Արցախին աջակցութեան ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ