Հայաստան՝ 20 ամէնէն նորարար երկիրներու շարքին

By Asbarez | Tuesday, 22 November 2016

 

 

1122innovation

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 18-19 Նոյեմբերին Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած է <<Հայաստան 20.18-2018թ.՝ Հայաստանը 20 ամենանորարար երկրների շարքում>> խորագիրով գործարար նորարարական ֆորում, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարարի տեղակալ  Գագիկ Թադեւոսեանի գլխաւորութեամբ:

Նախաձեռնութեան նպատակն էր նիւթերու համաձայն քննարկումներու, գործարար ներկայացումներու եւ կապերու միջոցով լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի նորարարական զարգացման մարտահրաւէրները, քննարկել զանոնք յաղթահարելու եղանակներն ու ծրագիրները:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ ֆորումի մասնակիցները ողջունած է Գագիկ Թադեւոսեան՝ նշելով, որ նախաձեռնութիւնը կարեւոր է նորարարական ոլորտին մէջ գործողներն ու անկէ օգտուողները համախմբելու, առկայ հիմնախնդիրները միասնաբար քննարկելու եւ համագործակցութեան ձեւաչափեր մշակելու համար:

Նախարարին տեղակալը կարեւոր նկատած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրը՝ շեշտելով, որ պէտք է նպաստել, որպէսզի տեղեկատուական արհեստագիտութեան, նորարարական եւ գործարար ծրագիրներ առաջարկող առեւտրական հաստատութիւններու, մատակարարներու նորարարական առաջարկները կեանքի կոչուին: Ան ընդգծած է, որ փոխադրութեան կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանք կը տանի, որպէսզի այս ոլորտին նկատմամբ մօտեցումները՝ սկսեալ  մասնագէտներ պատրաստելու ծրագիրներէն, արտադրութեան  եւ նորարարական գործընթացներէն, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի ձեռքբերումները ներկայացնելու վերաբերող աշխատանքները ըլլան կանոնակարգուած:

<<Հայաստան 20.18 – 2018թ.՝ Հայաստանը 20 ամենանորարար երկրների շարքում>> գործարար նորարական ֆորումին մասնակցած են  միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ 200 ներկայացուցիչներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Իսրայէլէն եւ Վրաստանէն:

Ֆորումը կազմակերպուած է <<Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան>> կողմէ:

 


comments