ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի քարտուղարը Հայաստան կը գտնուի

By Asbarez | Thursday, 24 November 2016

1124defense

ԵՐԵՒԱՆ - ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի (ՊՆԽ) քարտուղար, զօր. Եուրի Տաշքին 22 Նոյեմբերին հասած է Երեւան: Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը ան տեսակցութիւն ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի ու բանակի հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեանի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Զօր. Եուրի Տաշքին կարեւոր նկատած է ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհրդի ստեղծման 25ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները, որոնց կայացումը նախատեսուած է 2017 թուականին: Անդրադարձ կատարուած է 2017 թուականին ԱՊՀ ծիրին մէջ նախատեսուող միացեալ նախաձեռնութիւններուն, համակարգող կոմիտէներու նիստերու, ուսումնամեթոտական հաւաքներու կայացման ու 1941-1945ի Հայրենական մեծ պատերազմի 75ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւններուն։

Հանդիպումներուն ընթացքին կարեւոր նկատուած է նաեւ Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստի նախապատրաստման ընթացքն ու օրակարգային հարցերը: Կողմերը քննարկաց են նաեւ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղիները:

Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, 23 Նոյեմբերին, ի կատարումն ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի 2016ի աշխատանքային ծրագիրին, զօր. Եուրի Տաշքին պիտի մասնակցի ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր ռազմայուշային կոմիտէի հերթական նիստին:

 



comments