By Asbarez | Tuesday, 29 November 2016
ՀԱՒԱՆԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Քուպա կը սգայ երկրի յեղափոխական ղեկավար Ֆիտել Քասթրոյի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25ի գիշերը: Երկրին մէջ իննօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ: Քաղաքացիները Նոյեմբեր 28ին մայրաքաղաքին մէջ սկսան իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 90ամեայ ղեկավարին, որ գրեթէ տասնամեակէ մը ի վեր քաղցկեղէ կը տառապէր։ Անոր դիակը պիտի հրկիզուի, ապա Քուպայի տարբեր շրջաններէն անցնելով՝ պիտի փոխադրուի Սանթիակօ, ուրկէ սկսած էր անոր յեղափոխական պայքարը:
Միւս կողմէ, Մայամիի մէջ քուպացի այլախոհները Քասթրոյի մահուան լուրը տօնախմբութիւններով դիմաւորեցին:
Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ըսաւ, որ պատմութիւնը պիտի փաստէ Քասթրոյի ունեցած հսկայ ազդեցութիւնը, ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսաւ, որ Քասթրօ <<դաժան բռնապետ մըն էր>>։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քասթրօն նկատեց Ռուսիոյ <<վստահելի եւ անկեղծ բարեկամ>> մը, իսկ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ ըսաւ, որ իր ժողովուրդը <<կորսնցուց լաւ ընկեր մը>>:
Նշենք, թէ Միացեալ Նահանգներ Քուպայի հետ իր կապերը խզեց 1961ին, սակայն Օպամայի իշխանութեան օրերուն, յարաբերութիւնները սկսան ջերմանալ, իսկ 2015ին, դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատուեցան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ