Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի անդամները Լեռնային Ղարաբաղ կ՛այցելեն

By Asbarez | Tuesday, 29 November 2016

1129frenchdeledation

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները ընդունուեցան նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի կողմէ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>>.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Նոյեմբերին ընդունած է <<Ֆրանսա-Ղարաբաղ>> բարեկամութեան շրջանակի անդամներ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Էրուան Պինէն եւ Ժագ Ռեմիլէն: Քննարկուած են Ֆրանսայի եւ Արցախի յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է <<Ֆրանսա-Ղարաբաղ>> բարեկամութեան շրջանակի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու խորացման ու ընդլայնման:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Էրուան Պինէ եւ Ժագ Ռեմիլէ աւելի ուշ հանդիպում ունեցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ, որ հաստատած է, որ <<Ֆրանսա-Ղարաբաղ>> բարեկամութեան շրջանակի ստեղծումէն մինչեւ օրս նոր կարելիութիւններ ի յայտ եկած են երկու երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորներուն միջեւ՝ յարաբերութիւնները բարեկամական մակարդակի բարձրացնելու համար եւ այդ հանգամանքը թոյլ կու տայ աւելի մեծ ակնկալութիւններ ունենալու այս շրջանակի ծրագիրներէն։

<<Ապրիլեան ռազմական գործողութիւնների առաջին ժամերից մենք զգացինք ֆրանսիացի բարեկամների անկեղծ մտահոգութիւնն ու աջակցելու պատրաստակամութիւնը: Այն արտայայտուեց նրանց ընդունած յայտարարութիւններում, տարբեր հարթակներում ունեցած ելոյթներում, ինչպէս նաեւ մեր ֆրանսիացի բարեկամների մի մասի՝ Արցախ այցելութեամբ: Այդպիսի յարաբերութիւնները յատուկ են միայն շատ վստահելի բարեկամների միջեւ եւ դրանք շատ թանկ են մեզ համար>>, նշած է Աշոտ Ղուլեան:

Էրուան Պինէ, որ Ֆրանսայի խոր-հրդարանին մէջ Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի անդամ է, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, ընդգծած է, որ իրենք պատրաստակամ են աջակցելու Ֆրանսայի հետ ժողովրդավարութեան նոյն արժէքներուն ձգտող եւ զանոնք իրագործող երկրին: <<Շատ ուրախ եմ այստեղ գտնուելուս համար եւ շատ հետաքրքրուած եմ խորհրդարանական դիւանագիտութեան շարունակականութիւնն ու զարգացումն ապահովելու եւ զայն զարգացնելու գաղափարով>>, նկատել տուած է Էրուան Պինէն:

2014ին Վիէն-Հադրութ բարեկամութեան հռչակագիրը ստորագրած Ժագ Ռեմիլէ նշած է, որ ամէն անգամ, երբ Ղարաբաղ այցելելէ կը նկատէ տարբեր բնագաւառներու մէջ կատարուող բարեփոխումներ: <<Երջանիկ եմ գտնուելու երկրի մը մէջ, որ ժողովրդավարութեան տուն կը յիշեցնէ, եւ ուր տեղի կ՛ունենան օրէնքի տառին համապատասխան ընտրութիւններ>>, ըսած է Վիէն քաղաքի նախկին քաղաքապետը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Արցախի մէջ ֆրանսախօսութեան զարգացման թեմային եւ խօսած են հետագայ համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին թէ՛ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ծիրին մէջ, եւ թէ օրէնսդրական դաշտին մէջ փորձի փոխանակման կարելիութեան առումով:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Ազգային  ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ <<Ֆրանսա-Ղարաբաղ>> բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն ընկերակցող Ժոզէֆ Փափազեան:

 


comments