Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարին՝ Իր Երկիրը Ցեղասպանութիւնը Պիտի Չճանչնայ

By Asbarez | Monday, 28 November 2011

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տենի Այալոն յայտարարած է, թէ Իսրայէլի խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութիւնը պիտի չճանչնայ, որովհետեւ նման քայլ մը վնաս պիտի հասցնէ Իսրայէլի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութեանց:

«Կարելի չէ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները վտանգի տակ դնել, հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց համար», ըսած է ան:

Կ՛ակնկալուի, որ Իսրայէլի խորհրդարանը Դեկտեմբերին քննէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

comments