Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հանդիպումները Ռուսիոյ մէջ

By Asbarez | Wednesday, 30 November 2016

 

1130viken

ԵՐԵՒԱՆ - Արտասահման կատարած առաջին այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Ռուսիա կը գտնուի։  Ռոստովի մարզին մէջ Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ հարաւային ռազմական ջոկատի հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ Ռոստովի մարզի նահանգապետ Վասիլի Կոլուպեվի հետ:

Մոսկուայի մէջ ան հանդիպում ունեցած է իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Սերգէյ Շոյգույի հետ:

Պատասխանելով <<Ազատութեան>> այն հարցումին, թէ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ նորանշանակ նախարարը զէնքի մատակարարման մասին նոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերէ՝ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է. <<Ես չեմ կարող ձեր հարցին սպառիչ պատասխան տալ, որովհետեւ իհարկէ լինելու են շատ ու շատ պայմանաւորուածութիւններ, բայց դրանք բոլորը չէ, որ կը մեկնաբանուեն եւ ենթակայ են լուսաբանման, մեկնաբանութեան: Ռազմական համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ շատ աւելի խորն է, բազմավեկտոր է, եւ Ռուսաստանը շարունակում է մնալ մեր ռազմավարական դաշնակիցը>>:

Ռուս ռազմական հարցերու փորձագէտ, ԱՊՀ հիմնարկի փոխ-տնօրէն Վլատիմիր Եւսէեվ նկատել տուած է, որ Ռուսիա պէտք է կատարէ դաշնակիցի իր պարտականութիւնները եւ Ղարաբաղի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու համար յաւելեալ սպառազինութիւն մատակարարէ Հայաստանին՝ առաջին հերթին անօդաչու սարքեր:

<<Հաւասարակշռութիւնը տակաւին չէ վերականգնուած տարածաշրջանին մէջ: Որոշ առումով որակական իմաստով վերականգնուած է, այն ալ ոչ մինչեւ վերջ: Ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Հայաստան նախեւառաջ անօդաչու սարքերու պահանջք ունի: Ես կը կարծեմ, թէ զէնքին շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան այսօր Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ>>, ըսած է փորձագէտը՝ աւելցնելով, որ ամէն պարագայի այս առնչութեամբ նախաձեռնողը պէտք է հայկական կողմը ըլլայ:

Արծրուն Յովհաննիսեանի համաձայն՝ պիտի ստորագրուի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն միջեւ միջպետական միացեալ զօրամիաւորման մասին համաձայնագիրը եւ 2017 թուականին պաշտպանական գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ծրագիրը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նա-խարարը <<Իզուեստիա>>ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ստորագրուելիք միացեալ զօրամիաւորման պայմանագիրին մասին ըսած է, որ  պարզապէս կ՛ամրապնդուի նման միաւորման իրաւական հիմքը: Բացի ատկէ, փաստաթուղթը որոշ փոփոխութիւններ կը նախատեսէ միաւորման գործունէութեան, նպատակներու եւ ֆինանսաւորման առնչուած հարցերու մէջ:

Հայաստանի համար առաւել կարեւոր է, որ զօրամիաւորումը կը գործէ Հայաստանի տարածքին մէջ, ընդգծած է Վիգէն Սարգսեան: Ըստ անոր՝ միացեալ զօրամիաւորման հիմնական խնդիրն է <<ժամանակին բացայայտել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի դէմ ռազմական յարձակման նախապատրաստութիւնն ու նպաստել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինուած ուժերի փոխգործակցութեան ամրապնդմանը>>:

Երէկ, Սարգսեան Մոսկուայի մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է մարաջախտ Բաղրամեանի արձանին առջեւ եւ ներկայ եղած է Հայաստանի դեսպանատան մէջ իրեն ի պատիւ հիւրասիրութեան:

 

 


comments