Փութին կենսական դեր խաղացած է քարիւղի արտադրութիւնը սահմանափակելու համաձայնութեան մէջ

By Asbarez | Friday, 02 December 2016

oil-prices

ՎԻԵՆՆԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրենց ինքնութիւնը չբացայայտած դիւանագիտական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութեան՝ ՕՓԵՔի, անդամներուն Նոյեմբեր 30ին գոյացուցած եւ քարիւղի արտադրութիւնը սահմանափակելու միտող համաձայնութեան համար հարկաւոր՝ Իրանի ու Սէուտական Արաբիոյ դիրքերու մերձեցման մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Այս համաձայնութիւնը իրականացնելու համար, Ռուսիա, որ ՕՓԵՔի անդամ չէ, խոստացած է քարիւղի իր արտադրութիւնը նուազեցնել՝ նպաստելով քարիւղի գինը բարձրացնելու ջանքերուն։

Յայտնենք, թէ համաձայնութեան գոյացումէն ետք, մէկ տակառ քարիւղին գինը մօտաւորապէս 10 տոկոսով բարձրացած է։

 


comments

Advertisement