Սպիտակ տունը Քասթրոյի յուղարկաւորութեան անպաշտօն մասնակցութիւն պիտի բերէ

By Asbarez | Friday, 02 December 2016

People stand in front of a billboard to Cuba's late President Fidel Castro in Santa Clara, Cuba, November 30, 2016. REUTERS/Ivan Alvarado

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Սպիտակ տան բանբեր Ճաշ Ըռնեսթ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ֆիտել Քասթրոյի յուղարկաւորութեան նախագահական պատուիրակութիւն մը պիտի չուղարկէ, սակայն վարչակազմէն երկու պատասխանատուներ՝ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի փոխխորհրդատու Պեն Ռոտզ եւ Քուպայի մօտ ամերիկացի նախկին բարձրաստիճան դիւանագէտներէն Ճեֆրի ՏէԼաուրենթիս, ներկայ պիտի գտնուին յուղարկաւորութեան:

Նշենք, որ Ռոտզ վարած էր Քուպայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատելու 18ամսեայ գաղտնի բանակցութիւնները։

Մինչ այդ, Դեկտեմբեր 1ին շարունակուած է Քասթրոյի աճիւններուն տեղափոխութիւնը դէպի վերջին հանգստեան վայրը։ Ընթացքին, Նոյեմբեր 30ի գիշերը, աճիւնները <<այցելած են>> Սանթա Քլարայի գերեզմանատան մէջ հանգչող՝ Քասթրոյի յեղափոխական զինակից Էռնեսթօ Չէ Կեվարայի աճիւններուն։

Նաեւ, տեղի ունեցած է Ֆիտել Քասթրոյի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը, որ ուղղակիօրէն սփռուած է Քուպայի պետական պատկերասփիւռի կայանէն: Շուրջ մէկ միլիոն անձ ներկայ գտնուած է ձեռնարկին, որ կայացած է Յեղափոխութեան հրապարակին վրայ:

 



comments

Advertisement