Չինաստան 200 շտապ օգնութեան ինքնաշարժ պիտի նուիրէ Հայաստանին

By Asbarez | Friday, 02 December 2016

1202china

Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Տիան Էրլունի եւ առեւտտուրի խորհրդական Վանք Հոնկլենկի հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան շնորհակալութիւն յայտնած է չինական կողմին՝ որպէս օգնութիւն Հայաստանին շտապ օգնութեան եւս 200 մեքենայ տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելու համար:

<<Դրա շնորհիւ կը կարողանանք լիովին լուծել մեր երկրի շտապ օգնութեան ծառայութիւնում առկայ խնդիրները>>, ըսած է նախարարը՝ ընդգծելով, որ ինչպէս նախապէս, յառաջիկային ալ ստացուած  ինքնաշարժներուն մեծ մասը պիտի աշխատին մարզերուն մէջ։

2011 թուականէն Չինաստան Հայաստանին տրամադրած է շտապ օգնութեան 88 ինքնաշարժ, եւ հայ բժիշկները, առողջապահութեան կազմակերպիչները, դեղագործները վերապատրաստուած էին Չինաստանի մէջ, նաեւ՝ աւանդական բժշկութեան ուղղութեամբ:

Դեսպանին խնդրանքով նախարարը ներկայացուցած է առողջապահական համակարգին մէջ ծրագրուող բարեփոխումներն ու հեռահար նպատակները:

Տիան Էրլուն նշած է, որ չինական կողմը պատրաստ է աջակցելու նաեւ հեռաբժշկութեան ոլորտին մէջ՝ ապահովելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն:

 



comments