By Asbarez | Friday, 02 December 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 30 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանտուրովի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով փոխգործակցութեան զարգացման առնչուած օրակարգային հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է Նոյեմբերին Տենիս Մանտուրովի Հայաստան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ