Ընտրութիւնները վճռորոշ պիտի ըլլան ԵՄի հետ կապերուն առումով

By Asbarez | Friday, 02 December 2016

1202pyoter

ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը 1 Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար ըլլալը ապահովելը վճռորոշ պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ Եւրոպական Միութեան հետ հետագայ յարաբերութիւններուն առումով:

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ՝ հետեւելով իշխող համախոհութեան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ ընտրական բարեփոխումներու ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութեան իրականացման կարեւոր առաջին քայլերուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ կայացած խորհրդակցութիւններուն, կ՛ակնկալեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը  ջանք չխնայէ նշեալ բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:

<<Բարձր ենք գնահատում իշխանութիւնների յանձնառութիւնը՝ ապահովել բաց եւ ազատ մրցակցութեան հնարաւորութիւն: Ակնկալում ենք, որ Հայաստանի Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի, իրաւապահ մարմինների եւ դատական համակարգի  կողմից կը գործադրուեն առաւելագոյն ջանքեր այս խոստումը  կատարելու  համար: Արդար ընտ-րական գործընթացի ապահովման հիմնական նախադրեալ ենք համարում քաղաքական կամքի առկայութիւնը>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ՄԱԿի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեամբ՝ Եւրոպական Միութիւնը դրական արձագանգեց ընտրական բարեփոխումներու փաթեթի իրականացման ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքին:

<<Եւրոպական միութեան կողմից տրամադրուող մինչեւ 7 մլն. եուրոյ ֆինանսաւորմամբ կը լրացուի առկայ ֆինանսական ճեղքուածքը՝ թոյլ տալով սահուն կերպով իրականացնել ընտրական բարեփոխումների շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Սրանում ներառուած է նաեւ աջակցութիւն ընտրութիւնների ժամանակ դիտորդական առաքելութեան իրականացմանը: Գերմանիայի եւ  Միացեալ Թագաւորութեան կողմից տրամադրուող ֆինանսաւորման հետ միասին, եւրոպական  աջակցութիւնը կը կազմի ընտրական գործընթացների համար տրուող ֆինանսական ընդհանուր օժանդակութեան 90 տոկոսը:

Եւրոպական միութիւնը խիստ կարեւորում է ընտրական գործընթացների թափանցիկութիւնը, ամբողջականութիւնը, համընդգրկունութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը: Ուստի, կը շարունակենք աջակցել շահագրգիռ բոլոր կողմերի ջանքերին‘ ապահովելու ընտրական գործընթացների լիարժէք համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներին,  ներառեալ  վարչական ռեսուրսների կիրառման արգելում եւ ընտրութիւնների հետ կապուած կոռուպցիոն դրսեւորումների բացառում, ինչպէս նաեւ դիտորդների եւ ԶԼՄների  անխափան աշխատանքի երաշխաւորում:

Գալիք ընտրութիւնների ազատ եւ արդար լինելու ապահովումը վճռորոշ կը լինի Հայաստանում ժողովրդավարութեան ամրա-պնդման եւ Եւրոպական Միութեան հետ հետագայ յարաբերութիւնների առումով:  Պատրաստ ենք  շարունակել աջակցել Հայաստանին դէպի ժողովրդավարութիւն իր ճանապարհի ընթացքում՝ ԵՄ-Հայաստան ապագայ համաձայնագրի ու Արեւելեան գործընկերութեան աւելի ընդլայնուած շրջանակներում>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 



comments