Ռուսիոյ համար Արցախի հարցի կարգաւորումը առաջնահերթ է

By Asbarez | Saturday, 03 December 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը ներառնուած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգին՝ <<Տարածաշրջանային առաջնահերթութիւններ>> բաժինին մէջ. այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հայեցակարգը վաւերացուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ: Անոր մէջ կը նշուի, որ առկայ բազմակողմանի բանակցային գործընթացի ծիրէն ներս Ռուսիա կը նպաստէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման՝ աշխատելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն հետ, այն սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնք տեղ գտած են Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ՝ 2009-2013 տարիներուն կատարուած համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ:

 

comments

Advertisement