ՀՅԴ Երիտասարդականի մասնակցութիւնը Եւրոպական Երիտասարդ Ընկերվարականներու ժողովին

By Aztag Daily | Saturday, 03 December 2016

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը 1 դեկտեմբերին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, որ 25-27 նոյեմբերին ՀՅԴ Երիտասարդականը ներկայացուցիչով մը մասնակցած է Եւրոպական երիտասարդ ընկերվարականներ կազմակերպութեան Բիւրոյի հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ, Փարիզ:

Բիւրոյի ժողովին կը մասնակցէին 30 ներկայացուցիչներ Եւրոպայի ընկերվարական եւ ընկերվար ժողովրդավարական երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններէն: ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Սարինէ Աբրահամեանը, Հոլանտայէն:

Ժողովի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան երիտասարդականի նախագահը` Լաուրա Սիլմանին, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ դժուար ժամանակներ են ընկերվարականներուն համար: Կարեւոր է միաւորուիլ ու պայքարիլ յանուն ընկերվարական արժէքներուն` ընկերային արդարութիւն, հաւասարութիւն, համերաշխութիւն, կիներու իրաւունքներ եւ այլն:

Բիւրոյի ժողովի մասնակիցները ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան մասնակցեցան Փարիզի կեդրոնը կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին, որ կայացած էր կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ միջազգային օրուան առիթով:

26 նոյեմբերին ժողովը շարունակուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի սրահներէն մէկուն մէջ: Մասնակիցները բաժնուեցան աշխատանքային խումբերու եւ քննարկեցին ներկայացուելիք բանաձեւերը:

Բիւրոյի ժողովը որդեգրեց բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին կիներու իրաւունքներուն, հիւլէական զէնքի օգտագործման մերժումին, Կիպրոսի հիմնախնդիրին եւ այլ հարցերու: Ընդունուեցաւ բանաձեւ` Թուրքիոյ վերաբերող, որուն մէջ դատապարտելով Էրտողանի գործողութիւնները, Թուրքիոյ իշխանութենէն կը պահանջուէին յարգել քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

Ժողովի օրակարգին վրայ էին նաեւ ներկազմակերպական հարցեր:

 


comments

Advertisement