Սուրիական բանակը կը շարունակէ Հալէպի մէջ իր յառաջխաղացքը

By Asbarez | Tuesday, 06 December 2016

 

1206Aleppo

ՀԱԼԷՊ - Դեկտեմբեր 4ի երեկոյեան, <<Գանձասար>>ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան տեղեկացուց, որ սուրիական բանակի գործողութիւնները շատ արագ կ՛ընթանան Հալէպի մէջ, եւ որ բանակը օրական դրութեամբ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Ներկայ դրութեամբ, բանակը իր հակակշիռին տակ առած է արեւելեան Հալէպի մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը: Կարեւոր նշանակութիւն ունի յատկապէս քաղաքի հիւսիսարեւելեան բաժինը, որուն ազատագրումով՝ դէպի Հալէպի միջազգային օդակայանը տանող մայր ճամբան զօրքի հակակշիռին տակն է այժմ:

Նաեւ, քանի մը օրէ ի վեր, Հալէպի քաղաքապետարանի պաշտօնեաները աշխոյժ թափով կը մաքրեն ազատագրուած տարածքներու ճամբաները, կը վերցնեն անցարգելները, աշխատանքի կը լծեն պետական ենթակառոյցները, որպէսզի ըստ կարելւոյն՝ կեանքը բնականոն դառնայ այնտեղ:

Զոր օրինակ, դէպի Նոր Գիւղ տանող Սէյրաֆիի մայր ճամբան, 5 տարի փակ մնալէ ետք, այժմ բացուած է եւ ապահով յայտարարուած:

Որոշ այլ ճամբաներու մէջ երթեւեկութիւնը վերականգնած է, իսկ ջուրի ընկերութիւնը եւս պետութեան հակակշիռին տակ անցնելով՝ բանելու սկսած է, անհրաժեշտ նորոգութիւններու իրակա-նացումէն ետք:

Զինեալ խմբաւորումներ, իրենց հակակշիռին տակ եղած շրջաններէն կը շարունակեն հրթիռակոծել որոշ թաղամասեր:

Այնուամենայնիւ, քաղաքի ապահովական վիճակը զգալիօրէն բարելաւուած է:

 



comments