By Asbarez | Tuesday, 06 December 2016
ԹԵՀՐԱՆ - <<Ինթերֆաքս>> կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Դեկտեմբեր 4ին կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ վեթոյի ենթարկէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգող Քոնկրեսի որոշումը:
Իրանի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուհանի ըսած է, որ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը Օպաման կը դնէ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներէն հրաժարելու պարտադրանքին տակ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը անցեալ Հինգշաբթի օր միաձայնութեամբ վաւերացուց Իրանի նկատմամբ ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները տասը տարիով երկարաձգելու որոշում մը, որ աւելի կանուխ վաւերացուած էր նաեւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։
Իրանի <<Փրէս Թի.Վի.>> պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ նախազգուշացուցած է, թէ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնագիրին գործադրութիւնը, եթէ Միացեալ Նահանգներ երկարաձգէ պատժամիջոցները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ