Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին Թրամփի թեկնածուն Քոնկրեսի յատուկ արտօնութեամբ կրնայ նշանակուիլ

By Asbarez | Tuesday, 06 December 2016

1206Mathis

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էն. Փի.Ար.>> - Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սինսինաթիի մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնած էր, թէ պաշտպանութեան նախարար պիտի նշանակէ հանգստեան կոչուած հրամանատար Ճէյմզ Մեթիսը, որ ծանօթ է <<Կատղած շուն>> մակդիրով:

Սակայն, նկատի ունենալով, որ 66ամեայ Ճէյմզ Մեթիս միայն 2013ին հեռացած էր բանակային ծառայութենէն, այժմ հանրապետականներու հակակշիռին տակ գտնուող Քոնկրեսը պէտք է յատուկ արտօնութիւն շնորհէ անոր նշանակման գծով, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն համաձայն՝ պաշտպանութեան նախարարը պէտք է առնուազն 7 տարի առաջ հեռացած ըլլայ զինուորական ծառայութենէն:

 



comments