By Asbarez | Wednesday, 07 December 2016
ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները Դեկտեմբեր 5ի երեկոյեան դռնփակ ժողով մը գումարեցին՝ քննարկելու համար բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէր Հալէպի մէջ եօթնօրեայ զինադադար հաստատելու: Սակայն, Ռուսիա եւ Չինաստան վեթոյի ենթարկեցին բանաձեւը՝ զայն անտեղի համարելով:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, որ պէտք է յետաձգել Հալէպի վերաբերեալ նախագիծին շուրջ քուէարկութիւնը մինչեւ ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններու աւարտը՝ նշելով, որ այդ նախագիծը չի նպաստեր Հալէպէն ահաբեկիչներու դուրս բերման:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ մօտ օրէն կը կայանայ Հալէպի հարցով ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Ան շեշտեց, որ համաձայնութիւնը պէտք է ներառէ բոլոր զինեալներուն Հալէպէն հեռացումը, իսկ հեռանալ մերժողները պէտք է նկատել ահաբեկիչներ։ Ան աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի աջակցի արեւելեան Հալէպի մէջ մնացող ընդդիմադիր զինեալներուն դէմ Սուրիոյ բանակի գործողութեանց:
Բացատրելով ՄԱԿի բանաձեւը վեթոյի ենթարկելու որոշումը՝ Լաւրով յայտնեց, որ ներկայիս զինադադար հաստատելը պիտի ամրապնդէ զինեալներուն դիրքերը եւ վնաս պիտի հասցնէ Հալէպի կացութեան լուծում մը գտնելու ջանքերուն: <<Ամերիկացիներուն հետ զինեալներու հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք կը համաձայնինք զինադադարի հաստատման շուրջ>>, շեշտեց Լաւրով:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց. <<Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը վերջ պիտի գտնէ միայն այն ատեն, երբ ընդդիմադիր ուժերը ներառնուին պետութեան հաստատութիւններուն մէջ: Սուրիական հարցը զինուորական լուծում չունի, եւ պատերազմը պիտի չաւարտի, եթէ Հալէպը չդադրի տագնապի կողմերուն միջեւ զինուորական ռազմավարական կռուախնձոր մը ըլլալէ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ