By Asbarez | Thursday, 08 December 2016
<<Ալ Մայատին>> հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Հալէպի արեւելեան տարածքին մէջ գտնուող Շաար շրջանի ազատագրումէն ետք, իր վերահսկողութեան տակ առաւ նաեւ Մերճէ եւ Շէյխ Լըթֆի թաղամասերը:
Մարտերուն մասնակից սուրիական բանակի սպայ մը <<Ալ Մայատին>>ին տեղեկացուցած է, որ սուրիական բանակը Հալէպի բերդէն 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ, ազատագրելով Թելլէթ ալ Շըրթա թաղամասը, կը յառաջանայ բերդին ուղղութեամբ:
Միւս կողմէ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձեն նահանջել դէպի հարաւ արեւելեան թաղամասեր:
Վերջին տուեալներուն լոյսին տակ, սուրիական բանակը յաջողած է ապահովել Հալէպի Միջազգային օդակայան տանող ողջ ճամբուն ապահովութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ