Քերի եւ Լաւրով Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու գծով չեն համաձայնած

By Asbarez | Friday, 09 December 2016

1209syria

ՀԱՄՊՈՒՐԿ, ՀԱԼԷՊ, <<Ռոյթըրզ>>, <<Ֆարս>>- Մինչ սուրիական բանակը կը փորձէր ամբողջացնել Հալէպի ազատագրումը իսլամ ծայրայեղականներու ճիրաններէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով Դեկտեմբեր 8ին հանդիպում մը ունեցան Համպուրկի մէջ, քննելու համար Հալէպի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու կարելիութիւնը։

Հանդիպումէն ետք կողմերը յայտարարեցին, թէ կարելի չէ եղած զինադադարի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, սակայն Քերի յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ Շաբաթ օր, Փարիզի մէջ կայանալիք եւ Սուրիոյ տագնապին նուիրուած ընդարձակ հանդիպումի մը ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ յառաջդիմութիւն ապահովել։

Մէկ օր առաջ Քերի յայտարարած էր, որ յոյս ունի այս շաբաթ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնել Սուրիոյ վերաբերեալ քաղաքական բանակցութիւններ ունենալու անհրաժեշտութեան հարցով:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ արեւելեան Հալէպի մէջ գտնուող բոլոր զինեալները հաւաքուած են <<Քայիտա>>ի գաղափարակից՝ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի շուրջ, եւ բոլորն ալ ահաբեկիչներ են: Փեսքով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց. <<Հոն քանի մը հարիւր գիւղեր կան, եւ տարբեր խմբաւորումներ միացան զինադադարի դրութեան: Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք կը գտնուին Հալէպի արեւելեան բաժինին մէջ, ապա այդ բոլոր զինեալները ահաբեկիչներ են>>:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, թէ իր երկիրը կը յուսայ, որ ՄԱԿը կարենայ Հալէպի մէջ մարդասիրական մնայուն օժանդակութիւններու տրամադրման մէջ իր դերակատարութիւնը ունենալ: Ան նաեւ նշեց, որ արեւելեան Հալէպի աւելի քան 50 առ հարիւրը արդէն ազատագրուած է ահաբեկիչներէն:

Նշենք, որ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդած էր, որ Սուրիոյ բանակը Հին Հալէպի բոլոր թաղամասերը առած է իր վերահսկողութեան տակ, իսկ իրանեան աղբիւրներ կը գրեն, թէ այժմ արեւելեան Հալէպի մօտաւորապէս 85 տոկոսը բանակի հակակշիռին տակ կը գտնուի։

 



comments