By Aztag Daily | Sunday, 11 December 2016

<<Արմէնփրես>> կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան <<Թուիթըր>>-ի վրայ գրած է, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Էլմար Մամետեարով հանդիպում ունեցած են` Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ Սթեֆան Վիսքոնթիի մասնակցութեամբ:
<<ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ` երէկ (8 դեկտեմբերին) Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներու հանդիպումը>>, յայտնած Է Բալայեան:
Աւելի կանուխ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 23-րդ նիստի ծիրին մէջ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 8 դեկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս հանդիպում մը ունեցաւ համանախագահներուն հետ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը` աւելցնելով. <<Հայաստանի ապակառուցողական քաղաքականութեան եւ համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած` նախարարներու մակարդակով եւ <<2+3>> ձեւաչափով (Ազրպէյճան, Հայաստան + Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա) հանդիպումէն անոր խուսափելուն պատճառով, կարելի չեղաւ այդ հանդիպումը կայացնել>>:
Իր կարգին, Մամետեարով նախարարներու խորհուրդի նիստին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի տագնապի ներկայ իրավիճակի պահպանումը անընդունելի է` միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ ԵԱՀԿ-ը առանցքային դեր կը խաղայ այդ տագնապին լուծման մէջ:
Ան պնդեց, թէ <<Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման շարունակումը հրահրած է ապրիլին տեղի ունեցած բախումները` հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին մէջ>>:
Նալբանդեան Համպուրկէն. <<Ազրպէյճանի Մօտեցումներուն Մէջ
Ոչինչ Փոխուած Է>>
Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 23-րդ խորհուրդի նիստին խօսք առած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ գնահատած է ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութիւնը ստանձնելէն ի վեր գերմանական նախագահութեան նուիրուածութիւնը` երկխօսութեան եւ համագործակցութեան` եւրոպական անվտանգութեան առկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար առաւել քան կարեւոր նկատելով երկխօսութեան նոր ոգի հաղորդելը: <<Տագնապները կանխարգիլելու եւ վստահութիւն կառուցելու իր պատմական յանձնառութեամբ ԵԱՀԿ-ն պէտք է հիմնական հարթակ հանդիսանայ անվտանգութեան տարբեր մօտեցումները եւ ընկալումները հաշտեցնելու համար: Ի վերջոյ այս կազմակերպութեան գոյութեան իմաստն է` թոյլ չտալ Եւրոպայի մէջ նոր պատերազմի ծագումը>>, շեշտած է ան:
Ան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ներգրաւուելու սպառազինութիւններու վերահսկման բանակցութիւններուն մէջ, որովհետեւ անոր հիմնական նպատակը ուժ չգործածելն է, որովհետեւ այդ մէկը կը վտանգէ շրջանը, ինչպէս նաեւ լուրջ հարուած կը հանդիսանայ խաղաղութեան ամէն տեսակ հոլովոյթի: <<Բոլոր անոնք, որոնք ուժի կիրարկումը կը տեսնեն իբրեւ միակողմանի առաւելութիւններու հասնելու կարելիութիւն, պէտք է խստօրէն զգուշացուին, որ ատիկա զերոյական արդիւնքով խաղ է, որ կրնայ կործանել այն ամէնը, որ ձեռք բերուած է երկար տարիներու բանակցութիւններու միջոցով` լրջօրէն վնասելով կողմերուն միջեւ կամուրջներ կառուցելուն ուղղուած հետագայ ջանքերուն>>, շեշտած է նախարարը:
Ապա Էդուարդ Նալբանդեան լուսարձակի տակ առած է ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը, շեշտը դրած է անոր վտանգաւոր ըլլալուն եւ առկայ ամէն տեսակի համաձայնութիւն խախտելուն վրայ: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ այդ յարձակումին ընթացքին գործադրուած են այնպիսի արարքներ, որոնք ամբողջովին կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքներու ամէն տեսակի սկզբունք: <<Երբ ԵԱՀԿ մասնակից պետութիւնները խստօրէն կը դատապարտէին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ իրականացուող վայրագութիւնները, անոնցմէ շատերը նոյնիսկ չէին պատկերացներ, որ նմանատիպ զազրելի յանցագործութիւններ կրնան կատարուիլ ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ, ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկրի մը կողմէ: Այս վայրագութիւններու, ներառեալ` գլխատումներու պատկերները փառաբանուեցան ազրպէյճանական լրատուական միջոցներով>>, ըսած է Նալբանդեան: Դիտել տալով, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր յարակից շրջաններու 24 հայկական գիւղերու բնակչութեան բռնի տեղահանութեան 25-ամեակը` Նալբանդեան հաստատած է, որ ապրիլին եւս խաղաղ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ <<Ազրպէյճանի մօտեցումներուն մէջ ոչինչ փոխուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման ձգտումը արդարացի էր ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ` ներկայիս>>:
Այս բոլորին լոյսին տակ նախարար Նալբանդեան հաստատած է. <<Ապրիլի քառօրեայ զինուորական գործողութիւնները Պաքուի կողմէ որդեգրած երկարամեայ քաղաքականութեան գագաթնակէտն էին: Բազում գործօններ կը պարզեն, որ Ազրպէյճանը վաղուց ընտրած էր զինուորական գործողութիւններու ճամբան, եւ մենք շարունակաբար բարձրաձայնած ենք այդ մասին, այդ կարգին` Նախարարական խորհուրդի մակարդակով>>: Այս գծով ան տուած է տարբեր օրինակներ, որոնք կը փաստեն այս հաստատումը, անոնց կարգին` ծանր սպառազինութեան օգտագործումը, առկայ համաձայնութիւններ չյարգելը, վստահութեան ձեւաւորման նախաձեռնութիւններու մերժումը, ստանձնած յանձնառութիւններու անտեսումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ