By Aztag Daily | Sunday, 11 December 2016

Համաշխարհային դրամատան տնօրէններու խորհուրդը հաստատած է Հայաստանի համար զարգացման քաղաքականութեան ֆինանսաւորման 4-րդ վարկային ծրագիրը (ԶՔՖ-4)` 50 միլիոն տոլար գումարով: Այս մասին կը յայտնեն Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակէն:
50 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարով չորրորդ ԶՔՖ-ն վարկ է` 14,5 տարի արտօնեալ ժամկէտով եւ 25 տարի մարման ժամկէտով:
Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. <<Զարգացման քաղաքականութեան ֆինանսաւորման 4-րդ վարկային ծրագիրը (ԶՔՖ-4) կ՛օժանդակէ Հայաստանի բարեփոխումներու լայն շրջանակի` խթանելով հարկապիւտճէական, ընկերային եւ բնապահպանական կայունութիւնը եւ ամրապնդելով մրցունակութիւնը: Անիկա 2013-2016 թուականները ընդգրկող` չորս ԶՔՖ-ներու ծրագրային շարքի վերջին գործառնութիւնն է>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ