By Asbarez | Thursday, 15 December 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս երկար տարիներու համագործակցութեան ընթացքին կնքած են շուրջ 5 միլիառ տոլար արժող համաձայնագիրներ, որոնց մեծ մասը արդէն գործադրուած է. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ըստ Իսրայէլի կառավարութեան մամլոյ սպասարկութեան։
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 13ին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Պաքու այցելած էր եւ հանդիպում ունեցած Ալիեւի հետ:
<<Աշխուժօրէն քննարկեցինք ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը, որ արդէն իսկ տարիներու պատմութիւն ունի>>, ըսած է Ալիեւ։
Ատրպէյճան գլխաւորաբար քարիւղ կ՛արտածէ դէպի Իսրայէլ:
Ատրպէյճան Իսրայէլի ռազմարդիւնաբերութեան հիմնական գործընկերներէն մէկն է: Անոր բանակը Իսրայէլէն գնած է անօդաչու թռչող սարքեր, հականաւային հրթիռներ, հրթիռային համալիրներ, թիրախներ յայտնաբերող կայաններ եւ ռազմական այլ սարքաւորումներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ