ՄԱԿի յաջորդ Ընդհանուր Քարտուղարին երդման արարողութիւնը

By Asbarez | Thursday, 15 December 2016

1215Guterres

ՄԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ կայացաւ նոյն կազմակերպութեան նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի երդման արարողութիւնը։

Հրաժեշտի ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ կազմակերպութեան ներկայ քարտուղարը՝ Պան Քի Մուն, ըսելով. <<Անցեալ տասը տարիներուն, ինծի համար պատիւ էր աշխատիլ խիզախ, նուիրեալ ու տաղանդաշատ բազմաթիւ այրերու եւ կիներու հետ>>։

Կիւթերեշ, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար 1, 2017ին, այդ պաշտօնին համար ընտրուելէն ի վեր, արդէն իսկ այցելած է կարգ մը մայրաքաղաքներ, մասնաւորաբար՝ Լոնտոն, Փարիզ, Պէյժինկ, Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա։ Ան եղած է Փորթուկալի վարչապետը (1995-2002), Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահը (1999-2005), իսկ 2005-2015 թուականներուն՝ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը։

Կիւթերեշ, նաեւ, հայազգի մեծահարուստ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն ստեղծուած եւ մշակութային, կրթական ու մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող <<Կիւլպէնկեան>> հիմնարկի հոգաբարձութեան անդամ եղաւ 2013ի Փետրուարին՝ հնգամեայ ժամկէտով:

 


comments