Չաւուշօղլու՝ Եւրոխորհրդարանին - Գետի՛ն անցնի ձեր գղափարախօսութիւնը

By Asbarez | Thursday, 15 December 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ իշխանութիւնները, մասնաւորաբար նախագահ Էրտողան, վարչապետ Եըլտըրըմ եւ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու, առիթ չեն փախցներ ծանր բառերով քննադատելու Եւրոմիութիւնն ու այն օտար երկիրները, որոնք ընդհանրապէս կը զօրակցին Թուրքիան անհանգստացնող քրտական շրջանակներուն։ Արդարեւ, Թուրքիա շարունակ կը գանգատի, որ զանազան երկիրներ իրենց հողերուն վրայ կ՛ընդունին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներ ու <<ահաբեկչական>> այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համակրանքով կը մօտենան Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն տարած պայքարին։

Այս ծիրէն ներս, Չաւուշօղլու Դեկտեմբեր 13ին դարձեալ պախարակեց Եւրոխորհրդարանի այն երեսփոխանները, որոնք համակրանք ունին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նկատմամբ։ Նախարարը նման արտայայտութիւն ունեցաւ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ հարց տուաւ, թէ Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններ ու քաղաքական խմբակներ ինչո՞ւ համակրանք կը տածեն Անգարայի կողմէ <<ահաբեկչական>> նկատուող այդ կազմակերպութեան նկատմամբ եւ անոր հետ կը բաժնեն նոյն գաղափարախօսութիւնը։

<<Եթէ ա՛յս է ձեր գաղափարախօսութիւնը, ապա գետնին տա՛կ անցնի ձեր այդ գաղափարախօսութիւնը>>, ըսաւ Չաւուշօղլու, կոչ ընելով քիւրտերու համակիրներուն, որ <<լեռ բարձրանան>>, եւ՝ <<Ի՞նչ գործ ունիս խորհրդարանին մէջ>> հարցը ուղղելով անոնց։

 


comments

Advertisement