By Asbarez | Friday, 16 December 2016
ՆԻՒ ԵՈՐՔ - <<Ֆորպզ>> հրապարակեց անունը 2016ի <<Տարուան ամենաազդեցիկ անձնաւորութիւն>>ին, որ յաջորդական չորրոդ տարին ըլլալով՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն է։ Թերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահը իր երկրին ազդեցութիւնը կը տարածէ երկրագունդի չորս կողմը՝ <<իր ուզածին տիրանալով>>։
Ցանկին վրայ երկրորդ տեղը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, իսկ երրորդը՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, որ 2015ին երկրորդ դիրքի վրայ էր։
Ցանկին վրայ են նաեւ <<Մայքրոսոֆ>>չի հիմնադիր Պիլ Կէյթսը )7րդ), Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին )9րդ), <<Ֆէյսպուք>>ի հիմնադիր Մարք Զուքըրպըրկը )10րդ), ՄԱԿի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշը (36րդ), Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը (56րդ) եւ <<Քայիտա>>ի առաջնորդ Այման Զաուահիրին )71րդ)։
Նախագահ Պարաք Օպամա, որ նախորդ տարուան ցանկին վրայ երրորդն էր, այս տարուան ցանկին 48րդ դիրքին վրայ է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ