Զինեալ խմբաւորումներու առաջին խումբը դուրս բերուեցաւ Հալէպէն

By Asbarez | Friday, 16 December 2016

1216Aleppo

ՀԱԼԷՊ, <<Ֆարս>>, <<Գանձասար>> - Սուրիոյ պետական լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ զինադադարի վերահաստատումէն ետք, Դեկտեմբեր 15ի յետմիջօրէին, Սուրիական Կարմիր Մահիկին ու Միջազգային Կարմիր Խաչին հսկողութեան տակ, Հալէպի ապօրինի զինեալներու առաջին խումբը, անոնց ընտանիքները եւ հեռանալ փափաքող այլ քաղաքացիներ՝ հանրակառքերով եւ շտապ օգնութեան մեքենաներով դուրս բերուեցան Հալէպէն: Հանրակառքերը զանոնք Ռամուսիէյի միջանցքէն փոխադրեցին դէպի Հալէպի հարաւարեւմտեան գիւղերը:

Աղբիւրին համաձայն՝ խումբը կ՛ընդգրկէ 951 ահաբեկիչներ՝ իրենց ընտանիքներով: Զինեալներու դուրս բերման գործողութիւնը պիտի շարունակուի հանգրուանաբար, մինչեւ Հալէպի արեւելեան հատուածի Սալահետտին, Զըպտիյէ, Մեշհետ եւ Անսարի շրջաններու ամբողջական պարպումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն:

Զինեալները, նախքան իրենց դուրս գալը, հրկիզած են իրենց բոլոր զինապահեստներն ու արխիւները, որոնք պիտի բացայայտէին անոնց արտաքին կապերն ու նիւթական աղբիւրները:

Մօտաւորապէս 5000 զինեալներ ու 10,000 քաղաքայիններ պիտի հեռացուին, սակայն կասկածներ կան, որ կարգ մը խմբաւորումներ կրնան մերժել հեռանալ։

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ Սուրիոյ շուրջ ռուս-թրքական գործակցութիւնը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, քան՝ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը: <<Ինթըրֆաքս>> կը հաղորդէ, որ ան <<ապարդիւն հաւաքներ>> որակած է Սուրիոյ շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ կատարուող վերջին բանակցութիւնները:

 



comments