Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Հայաստան այցելած է

By Asbarez | Saturday, 17 December 2016

1217iran

ԵՐԵՒԱՆ - Իրանի արտաքին գործոց նախարարի՝ Ասիոյ, Ովկիանիայի եւ ԱՊՀ երկիրներու հարցերով տեղակալ Էպրահիմ Ռահիմ Փուրը այցելած է Հայաստան։ Այս մասին կը յայտնէ իրանեան <<ԻՌԻՊ>> լրատուական գործակալութիւնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ արտաքին գործոց փոխնախարարը Ղազախստան եւ Ղրղզիստան կատարած այցելութենէն ետք հասած է Հայաստան: Կը նախատեսուի, որ Փուր Հայաստանի պաշտօնատարներու հետ քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

 


comments