By Aztag Daily | Tuesday, 20 December 2016

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլով Անգարայի մէջ գեղանկարչութեան ցուցահանդէսի մը մասնակցութեան ընթացքին ահաբեկուեցաւ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց դեսպանին մահը` աւելցնելով. <<Դեսպան Քարլովը սպաննողները պատիժէն պիտի չազատին>>: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկումը պէտք է ըլլայ պարկեշտ ու բաց:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկման հարցը: Անգարայի կառավարիչը ըսաւ, որ ահաբեկման արարքին նպատակը ռուս-թրքական յարաբերութիւնները խանգարելն է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկումը ահաբեկչութեան տգեղ դէմքը ցոյց տուաւ:
Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահը ծանօթացած է դէպքի մանրամասնութիւններուն: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, յարձակում գործողը ինքզինք ներկայացուցած էր իբրեւ ոստիկան եւ անկարգութիւններու դէմ պայքարի ոստիկանութեան անդամ մըն է:
Թրքական իշխանութիւնները ամրապնդեցին Ռուսիոյ դեսպանատան շուրջ ապահովական միջոցառումները, իսկ ՄԱԿ-ը դատապարտեց դէպքը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ օժանդակելու Ռուսիոյ դեսպանի ահաբեկման վերաբերեալ հետաքննութեան մէջ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է սպասել դէպքի հետաքննութեան արդիւնքին, <<եւ թերեւս կ’առաջնորդէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ջանքերու ամրապնդման>>:
Նշենք, որ 22-ամեայ ահաբեկիչը դեսպանը ահաբեկելէ ետք խօսեցաւ Հալէպի եւ վրէժխնդրութեան մասին:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը դեսպան Քարլովի ահաբեկումը նկատեց թրքական ապահովական ձախողութիւն` զայն որակելով <<գրգռութիւն>>:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը դեսպանի ահաբեկումէն կարճ ատեն ետք այցելեց դէպքին վայրը եւ նշեց, որ յարձակում գործողը ոստիկան էր եւ չորս տարի ծառայած թրքական ապահովական մարմինի մը մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ