Հայաստան կ՛ուզէ Իրանէն Երեւան տանող ճամբու կիսուն հանգիստի կեդրոն կառուցել

By Aztag Daily | Tuesday, 20 December 2016


Հայաստանի մէջ` Երասխ գիւղին մօտ, հանգիստի գօտիի շինարարութեան մրցում պիտի յայտարարուի: Այս տեղեկութիւնը յայտնած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան <<Նիուզ>>-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:

Անոր համաձայն, այս պարագային Իրանէն եկող զբօսաշրջիկները Երեւանի ճամբուն վրայ հանգստանալու տեղ պիտի ունենան եւ ոչ միայն քնանալու: <<Վստահաբար Երեւանի ճամբուն պանդոկներ կան, բայց այս կեդրոնին մէջ պիտի ըլլան խանութներ, ճաշարաններ եւ բաղնիքներ: Որպէսզի մինչեւ Երեւան հասնիլը ժամանակ անցնելու տեղ ըլլայ>>, աւելցուցած է Լոքեան:

Կեդրոնը ծրագրուած է կառուցել Երասխ գիւղին մօտ` Նախիջեւանի սահմանէն ոչ հեռու: <<Նախագիծը քննարկուած է իրանցի գործընկերներուն հետ, սակայն բաց է բոլորին համար: Ոեւէ ներդրող կրնայ ներկայացնել իր նախագիծը: Որեւէ տեղաշարժ, կը կարծեմ, կարելի է սպասել միայն քանի մը ամիսէն>>, աւելցուցած է նախարարը:

 

comments