By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Արցախ այցելելուն համար Պաքուի կողմէ հալածուող եւ Մինսկի մէջ Դեկտեմբեր 18ին ձերբակալուած գրող Ալեքսանտր Լափշինի հարցին միջամտած է Իսրայէլը, որ պահանջած է Պաքուէն կասեցնել Լափշինի քրէական հետապնդումը. այս մասին կը գրէ իսրայէլեան <<Հաարեց>> թերթը:
Լափշինի իրաւաբանը դիմած էր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ խնդրելով անոր միջամտութիւնը, որպէսզի Լափշին չարտայանձնուի Ատրպէյճանի իշխանութեանց:
Իսրայէլի դեսպանատունը պաշտօնապէս դիմած է Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութեան, Լափշինի հետ հանդիպելու արտօնութիւն ստանալու համար, եւ կոչ ըրած է, որ գրողը չարտայանձնուի Պաքուին:
Նշենք, որ իսրայէլեան եւ ռուսական քաղաքացիութիւն ունեցող Լափշինը 2015ի Յունիսին Ատրպէյճան մուտք գործած է Վրաստանի տարածքով՝ օգտագործելով ուքրանական անձնագիր մը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ