Սուրիոյ շրջափակուած տարածքներէն քաղաքացիներու հեռացումը կը վերսկսի

By Asbarez | Tuesday, 20 December 2016

1220Haleb

ՄԱԿ, ՀԱԼԷՊ, <<Ռոյթըրզ>> - Դեկտեմբեր 19ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը որոշեց դիտորդներ ուղարկել Հալէպ, որպէսզի արեւելեան Հալէպի պաշարուած շրջաններէն քաղաքայիններու հեռացման հոլովոյթի ապահովութիւնը երաշխաւորեն։

Այս համաձայնութիւնը կարելի դարձաւ, երբ որոշուեցաւ անոր պայմաններուն աւելցնել՝ զինեալ ընդդիմադիրներու հակակշիռին տակ գտնուող գիւղերէն հեռանալ փափաքողներուն համար ազատ ելք ապահովել։

Արդարեւ, մէկ օր առաջ, <<Ճապհաթ Նուսրա>> ահաբեկչական խմբաւորման եւ <<Ահրար Շամ>> շարժումին միջեւ՝ Իտլիպի պաշարուած գիւղերէն Ֆուայի եւ Քաֆարիայի շրջակայքը ծագած բախումներուն պատճառով, երկու շրջաններէն բնակիչներ արտահանելու յատուկ փոխադրակառքեր հրկիզուած էին: Երկու խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութիւն ծագած էր փոխանակման գործողութեան վերաբերեալ:

Ուստի, համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ կառավարութեան ուժերուն եւ զինեալներուն միջեւ, Ֆուա եւ Քաֆարիա շրջաններէն մօտաւորապէս 2000 անձ անվտանգ դուրս բերելու եւ կառավարութեան հսկողութեան տակ եղող վայրեր փոխադրելու շուրջ՝ Հալէպէն զինեալներու եւ քաղաքայիններու անարգել դուրս գալու արտօնութեան դիմաց: Այս համաձայնութեան լոյսին տակ, Միջազգային Կարմիր Խաչի անդամներ հասան նշեալ շրջանները, իսկ Երկուշաբթի օր կարելի եղաւ տեղափոխումը իրականացնել։

Զուգահեռաբար, վերսկսած է արեւելեան Հալէպէն զինեալներ եւ քաղաքայիններ դուրս բերելու աշխատանքը։ Ցարդ յստակ տեղեկութիւններ չկան արեւելեան Հալէպէն հեռացողներու թիւին մասին, սակայն կը կարծուի, որ մօտաւորապէս 6000 զինեալ եւ 15,000 քաղաքային հեռացած են այնտեղէն, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին։

Քաղաքական գետնի վրայ, Քրեմլինը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին հետ Կիրակի օր ունեցած է հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած է սուրիական կառավարութեան եւ զինեալներուն միջեւ Ասթանայի մէջ բանակցութիւններ կատարելու հարցը: Երկուշաբթի օր, Փութին նման խորհրդակցութիւն մը ունեցած է նաեւ Իրանի նախագահին հետ։

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպում մը։ Այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենար Դեկտեմբեր 27ին, սակայն յետաձգուեցաւ մինչեւ Դեկտեմբեր 20:

 



comments